ՀԵԴ յուշերեկոյ կը կազմակերպէ Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին նահատակուած զինուորներուն յիշատակին

Արեւմտեան Ամերիկայի ՀԵԴի «Մեր զինուորներուն կողքին» արշաւը կը տեղեկացնէ, թէ Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի առաջին տարելիցին առիթով, զոհուած զինուորներուն ի յիշատակ կազմակերպած է ձեռնարկ մը, որ տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, Ապրիլ 2ին, երեկոյեան ժամը 6էն սկսեալ, Ֆերահեան Ազգ. վարժարանի «Աւետիսեան» սրահին մէջ (5300 White Oak Ave, Encino, CA):

Հոգեհանգստեան եկեղեցական արարողութեան կողքին, յուշ-երեկոյին ընթացքին պիտի ներկայացուին «Մեր զինուորներուն կողքին» արշաւին՝ անցած մէկ տարուան գործունէութեան մանրամասնութիւնները, իսկ ՀԵԴի Կրտսերները պիտի ներկայացնեն գեղարուեստական յայտագիր մը՝ ի պատիւ հայրենիքի սահմաններու պաշտպանութեան ընթացքին նահատակուած հերոսներուն։

«Յոյժ կարեւոր է մեր համայնքը մօտէն ծանօթացնել այն քաջարի տղոց, որոնք Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին ընթացքին իրենց կեանքը տուին՝ պաշտպանելու համար մեր հայրենիքը։ Միաժամանակ, մեկնելով թափանցիկ գործունէութիւն տանելու իր սկզբունքէն՝ ՀԵԴն այս ձեռնարկը պիտի օգտագործէ՝ ամբողջական հաշուետուութիւն ներկայացնելու սոյն արշաւին մասին, միաժամանակ՝ յարգանի մեր տուրքը տալու զոհուած զինուորներուն», կը յայտնէ «Մեր զինուորներուն կողքին» արշաւի ատենապետուհի Վերժինի Թուլումեան։

Յիշեցնենք, որ անցեալ տարի եւ այս տարուան Յունուար ամսուան ընթացքին, «Մեր զինուորներուն կողքին» արշաւը, Հայաստանի եւ Արցախի տարբեր շրջաններու մէջ, Արցախի Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին ընթացքին եւ անկէ ետք 111 զոհուած զինուորներու ընտանիքներուն կրցած է 129,500 տոլար օժանդակութիւն տրամադրել: Նաեւ, արշաւի ներկայացուցիչները այցելած են պատերազմի ճակատները՝ հագուստեղէն եւ այլ իրեր յանձնելու տեղւոյն զինուորներուն, համագործակցութեամբ անոնց հրամանատարներուն հետ:

«Մեր զինուորներուն կողքին» արշաւը որոշած է շարունակել զոհուած զինուորներու ընտանիքներուն աջակցելու սոյն գործը եւ կոչ կ՛ընէ համայնքին, որ յուշ-երեկոյին ներկայ գտնուի անպայման։

Ձեռնարկին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (818) 507-1933 թիւին։

«Մեր զինուորներուն կողքին» արշաւը 1000ական տոլար կը յանձնէ իւրաքանչիւր զոհուած զինուորի ընտանիքին, իսկ անոնց իւրաքանչիւր դեռահաս զաւակին համար՝ յաւելեալ 250 տոլար: 2012ին հաստատուած այս արշաւին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց կամ անոր աջակցելու համար, այցելել

www.withoursoldiers.com կայքը:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.