Հայ երաժշտութիւնը հնչեց գամպոտիացիներու մշակութային հանդիսութեան ընթացքին

Շաբաթ 25 Մարտի երեկոյեան, Մոնթրէալի Vanier College-ի թատերասրահէն ներս, տեղի ունեցաւ Գամպոտիացիներու Le Centre Khemara-ի կազմակերպած տարեկան Մշակութային Երեկոն՝ «La Culture sans Frontieres, du Cambodge, d’ici et d’ailleurs» խորագրով։ Յատուկ հրաւէրով, հայ համայնքէն ձեռնարկին ներկայ էին Մոնթրէալի Համազգայինի ատենապետուհին եւ Հայ Դատի Յանձնախումբէն երկու ներկայացուցիչ։

Սոյն ձեռնակին, ուրիշ ազգերու կողքին, իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութիւնը։ 16 ամեայ Մեղրիկ Գանձասարեան ներկայացուց «Էրզրումի Շորորը» իր մշակած նուրբ Հայկական պարային շարժումներով եւ Քանոնի հմուտ կատարողութեամբ։ Ապա, Համբիկ Ճապուրեան տուտուկով ներկաները հմայեց իր «Տլէ Եաման»-ի մեկնաբանութեամբ։ Ներկաները բարձր գնահատեցին հայկական գեղեցիկ արուեստը զայն կոչելով «կախարդական»։

Նշենք, թէ Հայ Համայնքը մաս կը կազմէ «Ցեղասպանութեան Իրազեկման եւ Յիշատակման Դաշինքին», որ ծնունդ առաւ Հարիւրամեակի տարին։ Դաշինքին մաս կը կազմեն Ցեղասպանութիւն ապրած հինգ երկիրներ՝ Հայաստան, Գամպոտիա, Իսրայէլ, Ուքրանիա եւ Րուանտա։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.