Ցեղասպան Թալէաթի Վերջին Հարցազրոյցը՝ Գնդակահարութենէն Քանի Մը Օր Առաջ

 

Բրիտանացի դիւանագէտ, ճամբորդ, հետախոյզ եւ խորհրդարանի անդամ Օպրի Հըրպըրթ բացառիկ հարցազրոյց ունեցած է Թալէաթ փաշայի հետ Փետրուար 1921ին, Սողոմոն Թեհլիրեանի կողմէ Պերլինի մէջ գնդակահարուելէ միայն քանի մը օր առաջ:

Թալէաթ փաշան՝ որպէս Օսմանեան կայսրութեան ամենազօր Մեծ վեզիր, բռնակալ եւ Հայոց Ցեղասպանութեան գլխաւոր կազմակերպիչ, 1918 թուականի Նոյեմբերին փախած էր Թուրքիայէն՝ նոր վարչակարգին կողմէ հետապնդուելէ խուսափելու համար: Թալէաթի 23 էջնոց հարցազրոյցը հրապարակուեցաւ 1924 (Լոնտոն) եւ 1925 (Նիւ Եորք) թուականներուն, Հըրպըրթի «Պեն Քենտիմ. Արեւելեան Ճամբորդութեան Նօթեր» խորագիրը կրող յուշերուն մէջ:

Հըրպըրթ Թալէաթի հետ առաջին անգամ հանդիպած էր 1908 թուականին, երբ կը պաշտօնավարէր Կոստանդնուպոլսոյ բրիտանական դեսպանատան մէջ: Տասնմէկ տարի անց, Հըրպըրթ անակնկալ նամակ մը կը ստանայ Թալէաթէն՝ «որեւէ չէզոք երկիրի մը» հետ տեսակցելու խնդրանքով: Յուսահատօրէն փորձելով վերականգնել իր դիւային կերպարը Արեւմուտքի մէջ, Թալէաթ կը պնդէր, թէ «ինք պատասխանատուութիւն չի կրեր հայկական ջարդերուն համար, թէ այդ մէկը կրնար ապացուցել եւ շատ կը փափաքէր այդ մէկը ընել»: Հըրպըրթ կը մերժէ Թալէաթի խնդրանքը՝ ըսելով. «Ես շատ ուրախացայ լսելով, որ ան այդ մարդը չէր, որ պատասխանատու էր հայկական ջարդերուն համար, սակայն չէի կարծեր, որ մեր այդ ատենուան հանդիպումը կրնար որեւէ նպատակի ծառայել»:

Սակայն, Փետրուար 1921ին, Հըրպըրթ կը փոխէ իր որոշումը, երբ բրիտանական հետախուզութեան տնօրէն Սըր Պասիլ Թոմսըն անոր կը հրամայէ անմիջապէս մեկնիլ Գերմանիա եւ տեսակցիլ Թալէաթի հետ: Գաղտնի ժամադրութիւնը տեղի կ՛ունենա՛յ 26 Փետրուարին, գերմանական Համ փոքրիկ քաղաքին մէջ:

Թալէաթ անգամ մը եւս կ՛ըսէ Հըրպըրթին, որ «ինք անձամբ միշտ դէմ եղած է հայերու բնաջնջման փորձերուն»: Աւելի անհաւատալիօրէն, Թալէաթ կը պնդէ, թէ «ինք երկու անգամ ընդդիմացած է այդ քաղաքականութեան, սակայն մերժում ստացած է գերմանացիներէն»:

Մոռնալով ջարդերուն մէջ իր անմեղութեան մասին պնդումները, Թալէաթ արդարացուց զանգուածային սպանութիւնները՝ հայերը մեղադրելով պատերազմի ժամանակ իր երկիրը թիկունքէն հարուածելու յանցանքով: Կրկին ինքզինք հակասելով, Թալէաթ իր աջակցութիւնը յայտնեց հայերուն՝ յայտարարելով, որ «ինք կողմ եղած է ազգային փոքրամասնութիւններուն աւելի ընդարձակ ինքնավարութիւն շնորհելու գաղափարին եւ ուրախութեամբ դիտարկած՝ իրեն ներկայացուած որեւէ առաջարկ»:

Այնուհետեւ, հայկական կոտորածներուն համար Թալէաթ մեղքը բարդեց բրիտանացիներուն վրայ. «Դուք՝ անգլիացիներդ, չէք կրնար այս հարցին մէջ խուսափիլ ձեր պատասխանատուութենէն: Մենք՝ երիտթուրքերս, գործնականին մէջ Թուրքիան հրամցուցինք ձեզի, իսկ դուք՝ մերժեցիք մեզ: Անվիճելի հետեւանքներէն մէկը եղաւ կործանումը քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններուն, որոնք, ձեր վարչապետի պնդմամբ, կը դիտուէին իբրեւ ձեր դաշնակիցները: Եթէ յոյները եւ հայերը ձեր դաշնակիցներն են այն ատեն, երբ մենք կը գտնուինք պատերազմի մէջ ձեզի դէմ, ապա դուք չէք կրնար ակնկալել, որ մեր թրքական կառավարութիւնը անոնց հետ վարուէր իբրեւ բարեկամներ»:

Ապա Հըրպըրթ եւ Թալէաթ կ՛որոշեն տեղափոխուիլ Գերմանիոյ Տիւսելտորֆ քաղաքը, ուր կը շարունակեն իրենց գաղտնի զրոյցը երկու օր եւս: Հըրպըրթ կը պատմէ Թալէաթի հակասական փորձին մասին՝ մէկ կողմէ քօղարկել իր դերը Հայոց Ցեղասպանութեան մէջ, միւս կողմէ արդարացնել այդ հրէշաւոր ոճրագործութիւնը: Թալէաթ նշած է, որ «ինք յուշագիր գրած էր հայկական կոտորածներուն մասին եւ շատ կը փափաքէր, որ բրիտանացի պաշտօնեաները կարդան զայն: Պատերազմի սկիզբը՝ 1915 թուականին, հայերը բանակ կազմեցին եւ յարձակեցան թուրքերուն վրայ, որոնք այն ատեն կը կռուէին ռուսերուն դէմ: Երեք հայ երեսփոխաններ աշխուժօրէն մասնակցած են կռիւին. մահմետականներու դէմ իբր թէ ջարդեր տեղի ունեցան, որոնց ուղեկցեցան կանանց եւ մանուկներու նկատմամբ վայրագութիւններ: Ան երկու անգամ դէմ եղած է բռնի տեղահանութիւններուն, նաեւ եղած է հեղինակը հետաքննութեան մը, որուն պատճառով մեղաւոր քիւրտերէ եւ թուրքերէ քանի մը հոգի ենթարկուեցան մահապատիժի»:

Ճակատագիրի հեգնանքով, Թալէաթ ինքնավստահօրէն կ՛ըսէ Հըրպըրթի, որ ինք չի վախնար սպաննուելէ: «Ան ըսաւ, որ երբեք չէ մտածած այդ մասին: Ինչո՞ւ պէտք է մէկը չսիրէ զինք: Ես ըսի, որ թերթերու մէջ իր մասին այդքան գրելէ ետք հնարաւոր է, որ հայերը կամենան վրէժխնդիր ըլլալ իրմէ, սակայն ան անուշադրութեան մատնեց իմ խօսքերը»: Երկու շաբաթ անց, հայոց վրիժառու Սողոմոն Թեհլիրեան Պերլինի մէջ գնդակահարեց դահիճ Թալէաթը…

Աւարտելով Թալէաթի հետ իր հարցազրոյցը՝ Հըրպըրթ կը նկատէ. «Իրեն սերնդակից սակաւաթիւներէն էր ան, որ մահացաւ ատելութեան մէջ, իսկապէս անիծուած: Գուցէ ան այդպէս էր, ինչպէս որ կը նկարագրէին զայն, չեմ կրնար ըսել: Ես գիտեմ, որ ան բացառիկ կարողութիւն եւ գրաւչութիւն ունէր, սակայն չեմ գիտեր, թէ արդեօք ան պատասխանատո՞ւ էր հայկական կոտորածներուն համար»:

Միայն այդ ժամանակաշրջանի մասնագէտները կրնան ստուգել այս ծաւալուն հարցազրոյցի հաւաստիութիւնը եւ իսկութիւնը: Եթէ հարցազրոյցը իսկապէս ճիշդ է, ապա արդեօք ի՞նչ էր Թալէաթի նպատակը «անգլօ-թրքական դաշինք» առաջարկելուն մէջ, եւ ինչո՞ւ բրիտանական կառավարութիւնը այդքան շատ կը փափաքէր զրուցել անոր հետ:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց՝

ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝

ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.