Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք Սուրիոյ մէջ հայ կիներն ու մանուկները փրկած Ռուբէն Հերեանի պատմութիւնը

 

Համաշխարհային Ա. պատերազմի աւարտին‚ բազմաթիւ հայկական եւ միջազգային կազմակերպութիւններ‚ օտարերկրեայ առաքելութիւններ‚ ինչպէս նաեւ անհատներ փորձեցին գտնել Ցեղասպանութենէն վերապրածներ‚ զանոնք փրկել գերութենէ եւ վերականգնել անոնց հայկական ինքնութիւնը։

Այս յօդուածին նպատակն է լոյս ընծայել Համաշխարհային Ա. պատերազմէն ետք ազատագրումի առաքելութեան կարեւորութեան վրայ‚ հիմնականին մէջ կեդրոնանալով պատերազմէն ետք բազմաթիւ հայ կիներ ու որբեր փրկած ականաւոր գործիչ Ռուբէն Հերեանի կեանքին ու գործունէութեան վրայ։

Հետազօտման գլխաւոր աղբիւրը Հերեանի անձնական արխիւն է‚ որ կը գտնուի Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային արխիւներուն մէջ։ Հարիւրաւոր անձնական եւ պաշտօնական նամակներ‚ դիմումներ‚ փաստաթուղթեր‚ լուսանկարներ եւ անուններու ցանկեր որբերու (որոնց փնտռած է եւ փրկած) կը բացայայտեն Հերեանի դժուար ու բարդ գործունէութեան պատմութիւնը։ Իր առաքելութեան ընթացքին‚ Հերեան մնայուն հասցէ մը չունէր։ Ան իր ժամանակաւոր հասցէներուն մասին տեղեակ կը պահէր հայկական օրաթերթերու‚ եկեղեցւոյ կամ ազգականներու միջոցաւ։ Արխիւային բազմաթիւ փաստաթուղթերուն կողքին կան դիմումնագիրներ‚ որոնք հիմնական մէկ խնդրանք ունին՝ գտնել ու փրկել ազգական մը‚ մայր մը‚ դուստր մը‚ քոյր մը‚ զաւակ մը եւ այլն։ Դիմումնագիրները գրուած են Արեւմտեան Հայաստանի շրջաններու բարբառներով‚ երբեմն նամակները հայատառ թրքերէն են‚ երբեմն ալ արաբերէն։ Նամակները յաճախ թուղթի փոքր կտորներու կամ բացիկներու ձեւով են‚ եւ անոնց վրայ մատիտով նշուած են Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրողներուն ցաւալի ճակատագիրները։

Հերեան ծնած էր 1869-ին, Թոքաթ (Էւտոքլա)։ 1883-ին‚ Թոքաթի Ազգային Ժառանգաւորաց վարժարանը աւարտելէ ետք կը փոխադրուի Պոլիս‚ ապա Նիւ Եորք‚ ուր կը ձեռնարկէ իր սեփական գործին։ Պոլիս բնակութեան ընթացքին Հերեան անդամ էր Սոցեալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան‚ ան յետագային անդամ դարձաւ Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան։ Նիւ Եորքի մէջ ան աջակցեցաւ նոյն կուսակցութեան‚ մասնակից էր ազգային հարցերու լուծման եւ հիմնադիրներէն մէկը եղաւ Կրթասիրաց միութեան։

1914-ին‚ երբ Համաշխարհային Ա. պատերազմը սկսաւ‚ Հերեան արդէն իր գործին մէջ բաւական յաջողութիւն ձեռք բերած էր եւ ամերիկահայերու մօտ լաւ վարկի տէր էր։ Հայոց ցեղասպանութեան մասին իմանալէ անմիջապէս ետք‚ ան ամէն բան ձգեց իր ետին եւ‚ հայ կամաւորներու հետ փոխադրուեցաւ Մերձաւոր Արեւելք‚ ուր մաս կազմեց Հայկական լեգէոնին։ 1918-ի ամրան‚ երբ Հայկական լեգէոնի կամաւորները փոխադրուեցան Պաղեստին՝ պատերազմի ճակատ‚ Հերեան իր տարիքին պատճառով չուղարկուեցաւ։ Ան Գահիրէի մօտ հիւանդանոցի մը պահակ նշանակուեցաւ։ Թէեւ Հերեան վիրաւոր հայ կամաւորներն ու ֆրանսացի զինուորները հոգաց‚ իր նամակներէն մեկնելով կը թուի‚ թէ կը փափաքէր աւելի երիտասարդ ըլլալ՝ մաս կազմելու համար լեգէոնականներուն՝ փրկելու համար իր ժողովուրդն ու հայրենիքը։ Այդ էր հիմնական պատճառը անոր ամենէն նուիրեալ դէմքերէն մէկը դառնալուն‚ որ զինադադարէն ետք ամէն առիթ օգտագործեց հայ կիներն ու մանուկները փրկելու իսլամական գերութենէն։

Հերեան անդամ էր Մուշեղ Արք. Սերոբեանի ղեկավարած Միջագետքի Հայ Օգնութեան կոմիտէին (ՄՀՕԿ)։ Արքեպիսկոպոսը Հերեանը լիազօրեց հայ վերապրողները ապահով կերպով Տէր Զօրէն Հալէպ փոխադրելու։ Երբ Հերեան Տէր Զօր հասաւ‚ ան հասկցաւ‚ որ հայերու տեղափոխումը այդքան ալ դժուար չէ‚ սակայն շատ աւելի դժուար ու կարեւոր էր անապատին մէջ իսլամական տուներու մէջ գերի դարձած հայերը։ Սերոբեան համամիտ գտնուեցաւ եւ Ատանայի մէջ իր ֆրանսացի հրամանատարէն խնդրեց Հերեանի արտօնել երթալ Տէր Զօր եւ փրկութեան առաքելութեան ձեռնարկել։

Հերեան հիմնականին մէջ գործէր Ճեզիրէի, Շամաթիէի, Խերէյթայի‚ Թերպանի‚ Հաուիժայի‚ Մէյատինի‚ Ապուքեմալի‚ Ժիպուրի եւ Շաուիի մէջ‚ որոնք կը գտնուէին Տէր Զօրի շրջակայքը։ «Տէր Զօրն ու փրկութիւնը հոմանիշներ են ինծի համար»‚ կը գրէ ան ՄՀՕԿ-ի մէկ այլ անդամ Մարտիրոս Գոյումճեանին։ «12 պատանի հայ աղջիկներ շատ ազդեցիկ ցեղապետի մէջ ձեռքէն փրկելու եւ իրենց օրինական տէրերուն յանձնելու համար մինչեւ հիմա 1800 ոսկիի գումար մը վճարած ենք‚ առանց հաշուելու այն ծանր ծախսերը, զորս ունեցանք յաջողութեամբ պսակելու համար այս նախաձեռնութիւնը‚ որ սերտօրէն առնչուած է ապագայ Հայաստանի վերականգնման»։

Յաճախ‚ հայկական եւ միջազգային կազմակերպութիւններ քաղաքական պատճառներով բազմաթիւ տարակարծութիւններ ունէին‚ սակայն հիմնականին մէջ‚ անոնցմէ իւրաքանչիւրը կը փորձէր լուծումներ գտնել՝ աջակցելով տարբեր կողմերու, որոնք համակարծիք չէին։ Բայցեւայնպէս‚ Հերեան այն եզակի դէմքերէն էր‚ որ աշխատեցաւ գրեթէ բոլոր գործիչներուն հետ իր առաքելութիւնը կատարելու համար։ Զինք հետաքրքրողը արդիւնքն էր։ Հերեան գործակցեցաւ անգլիական եւ ֆրանսական իշխանութիւններուն հետ‚ ՀԲԸՄ-ի‚ Հայ Ազգային միութեան‚ Պոլսոյ Պատրիարքութեան‚ Ազգերու լիկայի ներկայացուցիչներուն‚ Մերձաւոր Արեւելքի Օժանդակութեան գործիչներուն եւ ուրիշներու հետ։

Իսլամացած հայերու իսլամական հաստատութիւններէն փրկելու գործընթացը կոչուած էր «Փրկութեան առաքելութիւն» կամ «Ազատագրութեան առաքելութիւն»։ Դիւրին չէր փրկել այն հայերը‚ որոնք որդեգրուած էին կամ արդէն ամուսնացած թուրքերու‚ քիւրտերու եւ արաբներու հետ‚ կամ որոնք իսլամացած էին։ Երբեմն հովանաւորները զանոնք վերադարձնելու պատրաստակամութիւնը չէին ունենար‚ անոնց ինքնութիւնն ու գոյութիւնը կը թաքցնէին՝ անոնց հետքը կորսնցնելով Միջագետքի ցեղախումբերուն մէջ‚ զանոնք մէկ տեղէ միւսը փոխադրելով։ Հակառակ ճշգրիտ տեղեկութիւններ ոնենալուն‚ երբեմն փնտռտուքները կրնային ամիսներ եւ տարիներ տեւել առանց արդիւնքի հասնելու։

Եգիպտահայերու ղեկավարութեամբ ազատագրութեան եւ փրկութեան հայկական խումբերը կազմուեցան 1918-ի գարնան։ Առաջին խումբը‚ որ կը կոչուէր «Հայկական արշաւական փրկութեան խումբ», եւ որուն ղեկավարն էր Դամասկոսի մէջ օսմանեան չորրորդ բանակին մէջ ծառայած զինուոր մը՝ Լեւոն Եօթնեղբայրեանը, կը վայելէր հռչակաւոր արաբ ղեկավար Ֆայսալ իշխանի (որ պայքարեցաւ Սուրիան թուրքերէն ազատագրելու ի խնդիր) եւ բրիտանական բանակի սպայակոյտի աջակցութիւնը։ Հաուրան շրջանին մէջ զինադադարի հաստատումէն ետք‚ խմբակը յաջողեցաւ փրկուած հայերը Տարաա կամ Դամասկոս փոխադրելու աշխատանքը շարունակել։ Երբ Երիտասարդ թուրքերու ղեկավարները 1 Նոյեմբեր 1918-ին փախուստ տուին Թուրքիայէն‚ փրկարար աշխատանքները նոր թափ ստացան։ Նոյեմբեր 1918-ին ՀԲԸՄ-ի եգիպտահայերու Ազգային Փրկութեան յանձնախումբը‚ Հայկական Ազգային միութիւնը եւ Որբերու Խնամքի Միացեալ միութիւնը կազմեցին յատուկ յանձնախումբ մը։ 30 Նոյեմբերին յանձնախումբի կազմակերպիչներէն Թորգոմ եպիսկոպոսը այս նորաստեղծ մարմինի անդամներուն յղեց ցուցմունք-ծրագիր մը‚ որ նշեալ մարմինին գործունէութեան անկիւնաքարը եղաւ։ Հերեան այս խումբի անդամներէն մէկն էր։

Ռուբէն Հերեան

Ցուցմունք-ծրագիրէն օրինակ մը կը գտնուի Հերեանի անձնական արխիւին մէջ եւ կը բաղկանայ 15 կէտերէ։ 3-րդ եւ 8-րդ կէտերը ուղղակիօրէն կապ ունին փրկութեան գործընթացին հետ։ Այդ ցուցմունքներուն ընդհանուր գաղափարը հետեւեալն էր. «Բոլոր հայերը‚ որոնց անունները փոխուած են եւ բռնի կերպով իսլամացուած, պէտք է ազատագրուին եւ վերադարձուին‚ եւ եթէ իսլամներու կողմէ առեւանգուած են՝ ամէն ինչ պէտք է կատարուի զանոնք փրկելու համար»։ Փետրուար 1919-ին Հալէպի մէջ հակահայ տրամադրութիւնները‚ որոնք պատճառ դարձան հարիւրաւոր հայերու մահուան‚ բարդացուցին գործիչներուն առաքելութիւնը։ Բրիտանական իշխանութիւնները Սուրիոյ իսլամական իշխանութիւններուն ըմբոստութենէն վախցան եւ խնդիրներէ խուսափելու համար փորձեցին յետաձգել փրկարար աշխատանքները։ Հերեան իր նամակներուն մէջ կը նշէ անգլիական իշխանութիւններուն վարած քաղաքականութիւնը։ Բայցեւայնպէս‚ կացութեան լրջութեան ու կարեւորութեան գիտակցելով՝ ան ամէն ջանք թափեց անոնց հետ լաւ յարաբերութիւններ պահելու համար։ Ամէն պարագայի՝ Հերեան փրկարար գործընթացը չդադրեցուց։ Ֆրանսական իշխանութիւնները Սուրիոյ հոգատարութիւնը ստանձնելէ ետք‚ Հերեան բազմաթիւ առիթներ ունեցաւ իր աշխատանքը շարունակելու։

Հարկ է նշել‚ թէ Սեւրի դաշնագիրը կը պարունակէր յօդուած մը‚ որ կը վերաբերէր փրկութեան հարցին։ Յօդուած թիւ 142-ը կը նշէր‚ թէ 1914-1918 ժամանակաշրջանին Թուրքիոյ մէջ բռնակալ վարչակարգին տնօրինութեամբ բռնի իսլամացումները համատարած մարտավարութիւն էր, եւ կայսրութենէն կը պահանջէր գործակցիլ Ազգերու լիկային կողմէ նշանակուած խառն յանձնախումբերուն հետ՝ փնտռելու եւ փրկելու այդ մարդիկը «կարելի եղածին չափ դարմանելու համար պատերազմի օրերուն Թուրքիոյ մէջ գործադրուած ջարդերուն ընթացքին անհատներու կրած անիրաւութիւնները»։

Հերեան շուրջ 50 տարեկան էր‚ երբ Միջին Արեւելք եկաւ միանալու համար փրկարար աշխատանքներուն։ Մոխրագոյն մազերուն եւ զուարթ նկարագրին պատճառով անոր ծածկանունն էր «մոխրագոյն մազերով երիտասարդ»ը։ Քանի մը ամիս ետք ան վերանուանուեցաւ «հայ որբերուն լրտեսը»‚ «ազատագրողը» եւ «փրկիչը»։ 1919-ին ՀԲԸՄ-ը հաստատեց փրկութեան ֆոնտ մը ի նպաստ «կենսական ծրագիրին՝ փրկելու որբերը‚ որոնք կորուսած էին անապատին խորքը‚ ինչպէս նաեւ կանանոցներէն փրկելու հայ երիտասարդ աղջիկները»։ Ապրիլ 1919-ին‚ Հերեան պարտականութիւնը ստանձնեց փնտռելու Հալէպ‚ Տէր Զօր եւ անոնց մերձակայքը գտնուող շրջաններուն մէջ հայ կիներն ու մանուկները։ Հերեան իւրայատուկ էր բաղդատմամբ այլ փրկարարներու‚ որովհետեւ հիմնականին մէջ իր առաքելութիւնը կը կատարէր Տէր Զօրի՝ «ոճիրի քաղաքին» մէջ (ինչպէս ինք կը կոչէր»։

Հերեան շատ մտահոգ էր նիւթական միջոցներու բացակայութեան պատճառով։ Ան հայերու դիմեց կարելի եղածին չափ մեծաթիւ հայեր փրկելու նպատակով դրամ հաւաքելու համար։ Ըստ Հերեանի‚ պէտք էր շտապել։ Յաջորդ օրը կրնար ուշ ըլլալ փրկելու համար առեւանգուած կիներն ու մանուկները։ Ան 30‚000 ոսկիի պէտք ունէր փրկելու համար 500 կին ու որբ։ Դրամը հաւաքելու համար ան Տէր Զօրէն կը մեկնէր Պոլիս‚ դասախօսութիւններ ու զրոյցներ կը կատարէր եւ դրամական օժանդակութիւն կը խնդրէր։ 1919-ին «Ժողովուրդի ձայն»ին մէջ լոյս տեսած յօդուածէ մը կ’իմանանք‚ թէ ան յաջողեցաւ 11‚000 ոսկի գոյացնել‚ եւ օրաթերթին յաջորդ էջերը լեցուած են Հերեանի առաքելութեան նուիրատուութիւն կատարածներու անուններով։ Պէտք է նշել‚ թէ ոչ միայն հարուստ հայերը մասնակցեցան այս դրամահաւաքին‚ այլ երբեմն նաեւ ցեղասպանութենէն վերապրածները իրենց վերջին լումաները տուին փրկարարներուն։ Օրինակի համար‚ 1919-ին «Ժողովուրդի ձայն»-ը հրատարակեց յօդուած մը‚ որուն մէջ կը յիշատակէ ցեղասպանութենէն վերապրած երկու կիներ‚ որոնք փախուստ տուած էին Տէր Զօրէն եւ իրենց վերջին լուման տուին Հերեանի ղեկավարած փրկարար առաքելութեան։

6 Սեպտեմբեր 1919-ին‚ Ատանայի մէջ լոյս տեսնող «Հայ ձայն»-ը կը նշէր. «Անապատի մեծ մարդը՝ հոյակապ Ռուբէն Հերեանը… արդէն վեց ամիս է ամէն բան մոռնալով անշահախնդիր խանդավառութեամբ ինքզինք նետած է սպանդանոցին մէջ՝ հաւաքելու համար հայերու մնացորդները։ Աշիրէթներու (քրտական ցեղախումբեր) ղեկավարները զինք կը ճանչնան իբրեւ Մուֆեթիշ էլ-Արման (Հայերը փնտռողը): Անկարելի է անշուշտ առանց կաշառքի‚ դրամը քիչ է‚ սակայն ամէն առիթ կ’օգտագործէ փրկելու համար հայ գերիները»։

Նոյն օրը Հերեան գրեց նամակ մը Ատանայի իր ազգական ու մօտիկ բարեկամ Մետաքսի՝ նկարագրելով իր վատ առողջութիւնը‚ սակայն նոյն ատեն նշելով իր առոյգութիւնն ու խանդավառութիւնը՝ փրկելու համար հայ որբերը եւ օժանդակելու այն մարդոց, որոնք իրեն դիմած են գտնելու իրենց ազգականները։ Իրեն համար մեծագոյն վարձատրութիւնը փրկուած հայերու ուրախութիւնն է։

Մասնաւորաբար հետաքրքրական է Տէր Զօրէն Մետաքսին յղած իր 19 Յուլիս 1919 թուակիր նամակը։ Նամակը ցոյց կու տայ այն դժուարութիւնները‚ զորս ան դիմագրաւած է 320 անձերէ կազմուած առաջին կառավանը Հալէպ փոխադրելու եւ 350 որբեր լաստերով Պաղտատ փոխադրելու ժամանակ‚ ինչպէս նաեւ բազմաթիւ հայ կիներ զանոնք գերեվարողներէն գնելու եւ առեւանգուածները փնտռելու ընթացքին. ամենէն դժուարը համոզելն էր այն հայերը, որոնք արաբներու կողմէ կատարուած սպառնալիքներուն պատճառով կը մերժէին ձերբազատուիլ իրենց տէրերէն։ Ան գրեց իր դիմագրաւած նիւթական գլխաւոր դժուարութեան մասին եւ իր պահեստի դրամներուն մասին‚ որոնք ամբողջութեամբ ծախսած է այս աշխատանքը ֆինանսաւորելու համար։ «Սիրտս կ’արիւնի, երբ մտածեմ նիւթական սնանկութեանս մասին։ Շատ ծերացած եմ եւ չեմ կրնար նպատակիս հասնիլ»‚ կը գրէ ան։ «Ոչ միայն դրամ չկայ‚ սակայն մարդիկ ալ չկան»‚ կ’աւելցնէ ան։ Նոյն նամակին մէջ ան կը գրէ այն ազգային գործիչներուն մասին‚ որոնց համար որբերու եւ կիներու ազատագրումը կարեւոր հարց մը չէ‚ եւ ինչպէս անոնք այլ գործերով զբաղած են։ Ան նոյնիսկ Փարիզի մէջ խաղաղութեան խորհրդաժողովին մասնակցած «Հայ Ազգային Պատուիրակութեան» անդամներուն կ’ակնարկէ իբրեւ «խօսքով հայրենասէրներ»։ Ըստ Հերեանի‚ օրուան ամենէն հրատապ հարցը փրկութեան առաքելութիւնն է։ «Կրնա՞յ ըլլալ, որ անմիտ մըն եմ‚ կամ թէ «խօսքով հայրենասէրները» իմաստուն են։ Ամէն պարագայի‚ չեմ կրնար սկզբունքներուս հակառակ գործել։ Որբերը ապագայ Հայաստանի հունտերը պիտի դառնան‚ փրկուած իւրաքանչիւր հայ շահ է‚ անոնք սրտիս մասնիկներն են։ Անապատին մէջ դեգերելու ընթացքին‚ այդտեղ‚ արեւուն տակ‚ փայլող ճերմակ գանկերն ու ոսկորները կը կանչեն. «Մեր որբերը ազատ արձակէ»… եւ ո՞վ կրնայ այդ ամէնը տեսնելէ ետք անտարբեր ըլլալ… պիտի աշխատիմ մինչեւ մեռնիմ»:

Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Ազգերու լիկայի ներկայացուցիչ Քարեն Եփփէի որդեգիր զաւակին, փրկարար առաքելութեան ամենէն յայտնի գործիչներէն Միսաք Մելքոնեանի հետ Հերեանի գործակցութիւնը շատ կարեւոր էր։ Մելքոնեան կ’աշխատէր թէ՛ հայ‚ թէ՛ ալ արաբ գործընկերներու հետ‚ ինչ որ մեծապէս կը դիւրացնէր փրկութեան գործողութիւնները։ Ան կազմեց ձիաւորներու խումբ մը‚ որ իր հրամանատարութեան տակ անապատի քոչուորներու վրաններուն մէջ փնտռեցին ու փրկեցին հայ որբեր ու կիներ։ Երբեմն այդ խումբերը կ’անցնէին սահմանին թրքական կողմը եւ կ’ազատէին թուրքերու եւ քիւրտերու կողմէ առեւանգուած կիներ ու մանուկներ։ Վերապրողները հաստատուած էին Հալէպի մէջ՝ Շէյխ Թահա շրջանի պարտէզներուն մէջ‚ որ կը գտնուի քաղաքի հիւսիսային մասը, Քուէյք գետի ափին։ Ներկայիս ամենէն խճողուած արուարձաններէն մէկը եղող շրջանը օրին քաղաքէն հեռու էր։ Վրանները ապաստան էին որբերու‚ գաղթականներու եւ այրիներու համար‚ որոնք Թուրքիայէն կամ քոչուորներէն փախուստ տուած էին։ Բոլոր վերապրածներուն կը տրամադրուէր սննդեղէն‚ բժշկական խնամք եւ հագուստ։ Անոնց ինքնութիւնը կը ճշդուէր եւ անունները կը փոխանցուէին օրաթերթերուն‚ եկեղեցիներուն եւ հայ համայնքներուն՝ գտնելու համար անոնց ազգականները։ Քաղաքէն շատեր կու գային նորեկներուն մէջ իրենց զաւակները գտնելու կամ իրենց ազգականներուն ճակատագրին մասին տեղեկութիւն ստանալու համար։

Փրկուած հայ տղոցմէ ոմանք չէին լքեր Հերեանը եւ կը փորձէին օժանդակել անոր։ Անոնք արաբներու մէջ ապրելու փորձառութիւնը ունէին եւ գիտէին որդեգրուած հայերու գտնուած վայրերը։ Գոյութիւն ունէին նաեւ երիտասարդներու խումբեր‚ որոնք Հերեանէն արտօնութիւն կը խնդրէին մասնակցելու համար փրկարար գործողութիւններուն‚ կամ անջատ գործողութիւն մը կատարելու։ Օրինակի համար 5 Փետրուար 1920-ին‚ Հերեան ստացաւ նամակ մը թատեմցի (Խարբերդ) խումբ մը երիտասարդներէ‚ որոնք Հերեանէն ցուցմունք կը խնդրէին, որպէսզի կարենան Ուրֆայի եւ Մարտինի տարածքին մէջ հայ կիներ ու մանուկներ փրկել։

Հերեան ոչ միայն կիներու եւ մանուկներու փրկութեան կը մասնակցէր‚ այլ նաեւ անոնց վերաբնակեցման եւ վերընտելացման։ Իրենց ապրած առեւանգումի երկար տարիները‚ ֆիզիքական եւ սեռային չարաշահումները՝ ֆիզիքական ու հոգեբանական խախտումներու պատճառ կ’ըլլային։ Անոնք ընկերութեան մաս կազմելու համար օգնութեան կարիք ունէին։ Հերեանի հետ գործակցող առաջին կազմակերպութիւններէն մէկն էր Հալէպի Հայուհեաց միութիւնը։ Նշեալ կազմակերպութիւնը իսլամական հիմնարկներէ փրկուած չարաշահուած հայ կիներու համար ապաստանարան մը հաստատեց։ Յունիս 1919-էն սկսեալ 45 հայ կիներ այդտեղ ապաստանած էին։ Նոյն տարուան Դեկտեմբերին‚ մէկ այլ ապաստանարան մը հաստատուեցաւ Դամասկոսի մէջ։

Օրուան ամենէն բարդ հարցերէն մէկը այս կամ այն պատճառով իրենց հայկական ինքնութիւնը ճանչնալ մերժող որբերու եւ կիներու ճակատագիրն էր։ Անոնց մեծամասնութիւնը շատ փոքր տարիքէն խլուած էին իրենց հայկական արմատներէն եւ մոռցած իրենց մայրենի լեզուն ու ազգութիւնը։ Սակայն նաեւ կային որբեր ու կիներ‚ որոնք հակառակ յիշելնուն կը մերժէին ճանչնալ իրենց հայկական ծագումը։ «…անցեալի արհաւիրքներու եւ սարսափի ազդեցութիւնը այնքան մեծ էր‚ որ երբեմն կը նախընտրէին չփրկուիլ‚ այլ շարունակել 60 տարեկան կոյր մարդոց որպէս հարճ ապրիլ եւ անոնց վրաններուն մէջ ապահով զգալ», կ’ըսէ Հերեան հարցազրոյցի մը մէջ։ Ան նաեւ կը յիշատակէ կիներ եւ աղջիկներ‚ որոնք աղաչած են իրեն, որոնք գիշեր ու ցերեկ աղօթած են փրկուելու համար։ Նոյնիսկ կանանոցներու մէջ‚ անոնցմէ ոմանք երբեք չդադրեցան հայ քրիստոնեաներ ըլլալէ եւ փրկուելէ ետք անոնք իրենց վզին միշտ կրեցին խաչ մը եւ երգեցին «Առաւօտ Լուսոյ»։

Հոգեբանի յարիր կերպով Հերեան որբերն ու կիները կը դարմանէր յատուկ ուշադրութեամբ։ Երբեմն յաջողեցաւ‚ երբեմն ձախողեցաւ‚ սակայն երբեք չյուսահատեցաւ։ Այն պարագաներուն‚ երբ անհատները իրենց հայ ըլլալը չէին ընդուներ, Հերեան փրկուածները հինգ օր իր մօտ կը պահէր եւ հինգերորդ օրը անոնց հայկական ծագումին մասին կը հարցնէր‚ անոնց պատասխանը կը վճռէր անոնց ապագան։

Վերապրածներու ինքնութեան շուրջ անորոշութիւնը փարատելու համար Պոլսոյ հայ պատրիարք Զաւէն Եղիայեան փրկարար առաքելութեան գործիչ Առաքել Չաքրիեանի եւ բրիտանական իշխանութիւններուն հետ հաստատեց «Չէզոք տուն»-ը‚ որուն վարչութիւնը կը բաղկանար հայ‚ ամերիկացի եւ թուրք անդամներէ։ Վարչութիւնը կը քննէր իւրաքանչիւր վերապրածի տուեալները եւ կը ճշդէր անոր ինքնութիւնը։

Հերեանի մտահոգութիւններէն մէկն էր կանանոցներէն փրկուած հայ աղջիկներու ճակատագիրը։ Ան բազմաթիւ անգամ հայ կամաւորներու կոչ ուղղեց ամուսնանալու որբերուն հետ։ 10 Ապրիլ 1919-ին‚ ան հետեւեալը գրեց Մետաքսին ուղղած իր նամակին մէջ. «Ամուսնութեան ի նպաստ ուժեղ քարոզչութեան սկսայ հոն, ուր կրնամ։ Լաւ արդիւնք տուաւ։ Միայն 350 այրիներէ եւ աղջինկներէ բաղկացած Ատանայի ապաստան-գործատուներուն մէջ օրական 1 կամ 2 եւ երբեմն ալ 4 պսակներ ունինք։ Ամերիկայէն բազմաթիւ հայ կամաւորներ անոնց հետ կը նշանուին…»։

Պէտք է նաեւ նշել‚ թէ անոր արխիւին մէջ կան Հերեանի յղուած շարք մը նամակներ‚ որոնք իրենց պարունակին մէջ փոքր պատմութիւններ են‚ ուր Հայոց ցեղասպանութեան կարգ մը հանգրուաններ կը նկարագրուին։ Նամակները ցեղասպանութեան ընթացքին եւ անկէ ետք ոմանց կեանքէն պատառիկներ պարունակող փազըլներու կը նմանին։ Նոյն ատեն անոնք կը պարունակեն մանրամասնութիւններ‚ ինչպէս տեղանուններ‚ անուններ եւ ֆիզիքական նկարագրութիւնը կորսուած զաւակներու‚ ծնողներու‚ որդիներու եւ դուստրերու‚ որոնք առեւանգուած են։ Հերեանէն կը խնդրուէր գտնել զանոնք։

Հոկտեմբեր 1919-ին‚ Հերեան մեկնեցաւ դէպի Պոլիս եւ վերադարձաւ Ատանա դրամահաւաք կատարելու համար։ Ան իր բարեկամներուն կողմէ հաւաքուած գումարը առաւ եւ վերադարձաւ Տէր Զօր՝ շարունակելու համար «անապատի կենսական առաքելութիւնը»։ Սակայն Դեկտեմբեր 1919-ին‚ անապատին մէջ իրարանցում կար, արաբական ըմբոստութիւն մը ծագած էր։ Անոնք յարձակեցան Հերեանի տան վրայ‚ աւարեցին ու քանդեցին զայն։ Հերեան յաջողեցաւ փրկել ազատագրուած կիներն ու մանուկները՝ զանոնք պահելով իր արաբ բարեկամին տան մէջ։ Ան հազիւ կրցաւ հաստատ մահէ փրկուիլ։ Տէր Զօրի հայ եկեղեցին աւարուեցաւ եւ սրբապղծուեցաւ։ Հերեան վերադարձաւ Հալէպ‚ ապա Ատանա‚ ուր դրամահաւաք կատարեց եւ վերադարձաւ Տէր Զօր՝ կրկին շարունակելու համար իր առաքելութիւնը։

Իր նամակներէն ի յայտ կու գայ‚ որ 1920-ին‚ մինչ հայկական կազմակերպութիւններն ու բարեսիրական միութիւնները դրամահաւաք կը կատարէին արդէն իսկ փրկուած որբերու եւ կիներու համար՝ Հերեան երբեք չդադրեցաւ «Փրկութեան առաքելութեան» համար դրամահաւաք կատարելէ‚ սկիզբը Եւրոպայի մէջ‚ ապա Ամերիկայի։ Երբ Ամերիկա վերադարձաւ՝ կը մտադրէր ամուսնանալ հայ որբի մը հետ եւ հաստատուիլ Մերսինի‚ Կիլիկիոյ մէջ‚ սակայն դժբախտաբար Հերեան սրտի կաթուածի պատճառով մահացաւ Գահիրէ‚ Եգիպտոսի մէջ՝ իր ամուսնութեան համար որոշուած թուականէն քանի մը օր առաջ։

Թուրքերու‚ քիւրտերու‚ արաբներու‚ չէչէններու‚ չերքէզներու եւ այլոց կողմէ առեւանգուած հազարաւոր հայ կիներն ու մանուկները փրկելու առաքելութիւնը ցեղասպանութեան յաջորդող հանգրուանի ամենէն կենսական հարցերէն մէկն էր‚ որ անմիջական լուծումի կը կարօտէր։ Այդ առաքելութեան ոչ միայն ընկերային կազմակերպութիւններ մասնակցեցան‚ այլ նաեւ անհատ հայեր եւ հովանաւորներ‚ որոնք ոչ մէկ ջանք խնայեցին այդ գործը կատարելու համար։ Այս առաքելութեան ամենէն նուիրեալ դէմքերէն մէկն էր ամերիկահայ գործարար‚ Հայկական լեգէոնի կամաւոր Ռուբէն Հերեան‚ որ մինչեւ իր մահը (1921) իր կեանքը եւ հարստութիւնը նուիրեց փրկարար գործողութիւններուն։ Հերեանի մահէն ետք փրկարար գործողութիւնները չդադրեցան. հազարաւոր հայեր անկէ ետք փրկուեցան։

 Աննա Ալեքսանեան

«Արմինիըն Ուիքլի»

Թարգմանեց՝ Վահրամ Էմմիյեան

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.