Փարիզի Փողոցներէն Մէկը Պիտի Վերանուանուի Զապէլ Եսայեանի Անունով

 

ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեանի Ֆրանսա կատարած պաշտօնական այցին առիթով՝ Փարիզի փողոցներէն մէկը պիտի վերանուանուի յայտնի հայ գրող, իգական սեռի իրաւունքներու ջատագով Զապէլ Եսայեանի անունով: Ըստ Armenpress.am-ի՝ այս մասին Փարիզի քաղաքապետարանին մէջ՝ հիւրընկալելով ՀՀ Նախագահը՝ յայտարարած է Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկոն:

«Զապէլ Եսայեանը եղած է հայ ժողովուրդի բոլոր տառապանքներու կիզակէտին: Փարիզին մէջ մենք կը պահպանենք հայ ժողովուրդի կրած բոլոր երկիւղներու, ինչպէս նաեւ ըմբոստութիւններու, պայքարներու յիշողութիւնը, բայց միեւնոյն ժամանակ կը բանանք հնարաւորի ճանապարհները, որոնք, ինչպէս կը կատարուի Երեւանի մէջ, կ՝արտայայտեն յոյսը, յայտնագործութիւններն ու նախաձեռնութիւնները»,-­ նշած է Փարիզի քաղաքապետը:

Անն Իտալկոյի խօսքով` Փարիզը եւ Երեւանը, Ֆրանսան եւ Հայաստանը չափազանց շատ բան ունին իրարու տալու եւ ստանալու փոխադարձաբար, որ կը բնորոշէ մեծ բարեկամութիւնը: Իտալկոն շեշտած է նաեւ, որ Փարիզը համերաշխ է Արեւելքի քրիստոնեաներուն հետ, անոնց տառապանքներուն ուղեկիցն է` մասնաւորապէս, Սուրիայէն եւ Իրաքէն փախստականներուն: «Այդ համերաշխութիւնը շատ յստակ է: Փարիզի մէջ եւս ընդունելով փախստականները` մենք կը ստեղծենք կամուրջներ, որոնք յաճախ փոքր են, փխրուն, բայց միեւնոյն ժամանակ կը միանցնեն մեզ: Ժամանակին Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրած հայերը նոյնպէս անցած են այդ փոքրիկ կամուրջներով: Փարիզը անոնց շնորհակալ է այն մեծ մշակութային, մտաւոր, հոգեւոր մեծ հարստութեան համար, որ հայերը բերին Ֆրանսա, ինչպէս եւ հայերը երախտապարտ են Ֆրանսային` իրենց ապագան վերակերտելու հնարաւորութեան համար»,-­ ընդգծած է Փարիզի քաղաքապետը:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.