Արեւմտահայե՞ր թէ օսմանահայեր…ո՞րն է ճիշտը

Մուշ 1912 (Source: Bodil Biørn collection)

Կարօ Արմենեան

Հաճոյքով կ՚արձագանգեմ վերջերս «Ազդակ»ի մէջ լոյս տեսած Ընկ. Վարագ Գեթսեմանեանի յօդուածին («Օսմանահայե՞ր. Այո՛, Օսմանահայեր»), որ գիտակ հակաճառութիւն մըն է երկու տարի առաջ «Ասպարէզ»ի, «Ազդակ»ի և այլ ՀՅԴ օրգաններու մէջ լոյս տեսած իմ յօդուածիս հիմնական կէտերուն և անուղղակի կո՛չ մը՝ նոր և գիտական լոյսի տակ քննարկելու այս խնդիրները։ Յայտնեմ, որ լիովին կը բաժնեմ իմ երիտասարդ ընկերոջ նախանձախնդրութիւնը լայն տեսադաշտով մտածելու, հնուց ժառանգուած վարկածները նոր փորձաքննութեան ենթարկելու և ժամանակներու յարացոյցը (paradigm) ճիշտ ըմբռնելու։

Վերոյիշեալ իմ յօդուածով ես կ՚առարկէի «օսմանահայութիւն», «օսմանահայեր» և նմանօրինակ այլ եզրերու գործածութեան զանոնք համարելով ոչ միայն սխալ, այլև մեր ազգային ռազմավարութեան դիրքերէն՝ խոցելի և անընդունելի՛։ Վարագ Գեթսեմանեան իր գիտաշխատողի դիտանկիւնէն կը հասնի այլ եզրակացութեան, դիտել տալով որ «արևմտահայութիւն» և «արևմտահայեր» եզրերը բաւարար չեն պատմական իրականութիւնը իր ամբողջութեանը մէջ ընդգրկելու և հետևաբար կ՚առաջարկէ, որ առանց վերապահութեան իւրացուին «օսմանահայութիւն» ու «օսմանահայ» իմացութիւնները որպէս ընդունուած բառապաշար։

Կ՚ուզեմ անմիջապէս շեշտել, թէ մեր լեզուամտածողութեան մէջ ստեղծուող եզրաբանական այս երկուութիւնը պատահական չէ։ Ան արմատներ ունի, որոնց կրկին պիտի անդրադառնամ այս յօդուածով յուսալով, որ ի վերջոյ կը փարատի ներկայ այս շփոթը և կը հասնինք նոր յստակութեան մը մեր ընդհանրական ինքնութեան հետ կապուած այս խնդրին մէջ։

Ընկ. Վարագի առաջին դիտարկումը կը հիմնուի այն իրողութեան վրայ, որ արևմտահայ բնաշխարհը (մօտաւորապէս Նախ. Ուիլսընի Իրաւարար Վճռի սահմաններով) չ՚ընդգրկեր ամբողջութիւնը Օսմանեան Կայսրութեան սահմաններուն մէջ ապրող հայութեան, մինչդեռ «օսմանահայեր» եզրը զայն կ՚ընդգրկէ առանց դժուարութեան։ Կողմնակի յիշեցնենք, որ Ուիլսընի Իրաւարար Վճռի հաստատած տարածքն ալ , իր կարգին, չ՚ընդգրկեր ամբողջութիւնը արևմտահայ բնաշխարհին, բայց այս քննարկման համար կարիք չկայ մտնելու այդ մանրամասնութեան մէջ։ Միտքը յստակ է։ Յստակ է, բայց ոչ համոզի՛չ։

Իրականութիւնը այն է, որ Արևմտահայութիւնը շատ աւելի հին և շատ աւելի ընդարձակ պատմա-աշխարհագրական կերտուածք մըն է քան Օսմանեան Կայսրութիւնը՝ ի՛նք։ Անոր բնաշխարհը Բագրատունեաց Հայաստանի քայքայման գործընթացներով և յետագային նաև Կիլիկեան Հայաստանի Թագաւորութեան լուծարումով անցած է բիւզանդական, արաբական, սելճուքեան, մոնղոլական և թաթարական աւերիչ ոտնակոխումներէն ի վերջոյ ամբողջովին բաժին իյնալով (1555-ի Ամասիայի թուրք-պարսկական դաշնագրով) օսմանեան սուլթաններու երկարատև և դաժան տիրապետութեան։ Անոր ժողովուրդը օսմանեան տիրակալներուն կողմէ ենթարկուած է հետևողական խտրականութեան և շահագործման։ Դարեր շարունակ ան կեղեքուած է և բռնի հաւատափոխութեան ենթարկուած։ Դարեր շարունակ ան օտարուած է իր հայրենիքէն և ի վերջոյ Սուլթան Ապտիւլ Համիտ Բ.-ի նախաձեռնած զանգուածային կոտորածներու հետևանքով անոր մէկ մեծ զանգուածը փախուստ տուած է օսմանեան պետութեան սահմաններէն դէպի Եգիպտոս, դէպի Եւրոպա, դէպի Ամերիկա և 1908-ի շեմին արդէն վերածուած՝ համաշխարհային հաւաքականութեան մը։ Իսկ 1908-ի Օսմանեան Թուրքիոյ սահմանադրական կարճատև պատրանքէն ետք, ան եղած է բնաջինջ նոյնինքն Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ վերապրելով միայն Սփիւռքի իր վտարանդի գոյավիճակով և Թուրքիոյ սահմաններէն ներս ապրող փշրանքներով։

Հետևաբար կարելի չէ այս տևաբար տեղաշարժուող և ընդլայնուող ազգային իրականութիւնը «օսմանեան» պիտակով սահմանափակել, ինչպէս կարելի չէ Արևելահայութիւնը պիտակաւորել որպէս սոսկ «Ռուսահայութիւն»։ Եւ որպէս ընդհանուր սկզբունք՝ պէտք է խուսափիլ հայութեան ապրող և ինքնօրինակ այս իրականութիւնը սահմանելէ կայսրութիւններու պատկանելիութեամբ։ Փաստը ցոյց տուած է, որ Արևմտահութիւնն ու Արևելահայութիւնը շատ աւելի տոկուն իրականութիւններ են քան կայսրութիւնները՝ իրե՛նք։ Եւ ասիկա՝ ի հեճուկս կայսրութիւններու — և յատկապէս Թուրք Պետութեա՛ն — ցեղասպանական քաղաքականութեան։

Փաստ է, որ 1877-78-ի Ռուս-Թրքական Պատերազմի ալիքը հասաւ մինչև Բարձր Հայք։ Ռուսական ուժերը գրաւեցին Կարինը և եթէ միջազգային շահերու խաղատախտակը ի վերջոյ այլ կերպ դասաւորուէր, արևմտահայ մշակոյթի օրրաններէն մէկը՝ Բարձր Հայքը կրնար մնալ Ռուսական Կայսրութեան սահմաններուն մէջ։ Առանց եթէներու խաղին զոհ երթալու, կ՚ուզեմ կրկին շեշտել, որ հայութեան քաղաքական և մշակութային շերտաւորումներու դասակարգումը ճիշտ չէ կապել կայսրութիւններու յարափոփոխ սահմանագծումներուն։

Այնուամենայնիւ Ընկ. Վարագը կը յիշեցնէ կարևոր հանգամանք մը։ Ի վերջոյ գոյութիւն ունեցած է առարկայական այն փաստը, որ Օսմանեան Կայսրութեան մէջ ապրող հայերը եղած են օսմանահպատակներ, ինչպէս թուրքերը, քիւրտերը, յոյները և կայսրութեան միւս ժողովուրդները։ Ինչու՞ նոյնացնել օսմանցիութիւնը թրքութեան հետ։ Պարզ խօսքով, ինչու՞ չդիտել օսմանցիութիւնը որպէս
գեր-ազգային պետական կարգավիճակ և «չխրտչիլ» օսմանահայ կոչելէ այն հայերը, որոնք միջազգային իրաւունքի տուեալներով մաս կազմած են այդ պետականութեան։ Եւ մանաւանդ չիյնալ հին աշխարհի պետականութիւնները նոր աշխարհի մարդկային իրաւանց չափանիշներով դատելու փորձութեան մէջ։

Իրականութիւնը այն է սակայն, որ Օսմանեան Կայսրութիւնը այդպիսի կայսրութիւն մը չէ եղած երբեք։ Իր հաստատած բռնատիրութիւնը երբեք չէ տարածուած Կայսրութեան բոլոր ժողովուրդներուն վրայ հաւասարապէս։ Ճիշտ է, որ զուտ մարտավարական և տնտեսական հաշիւներով Բարձրագոյն Դուռը համեմատաբար աւելի տանելի պայմաններով օժտած է Պոլսոյ, Իզմիրի և Փոքր Ասիոյ որոշ բնակավայրերու հայութեան կեանքը ի տարբերութիւն հայկական բնաշխարհի հայութեան վիճակին, բայց այդ մէկը ոչինչով կը փոխէ այն կեդրոնական փաստը, որ հայը պաշտօնապէս ունեցած է ստորին կարգավիճակ Կայսրութեան մէջ բախտատած թուրքերուն և քիւրտերուն։ Հայը երբեք չէ եղած օսմանցի։ Ան չէ վայելած օսմանցիութեան կարգավիճակէն բխող հաւասար իրաւունքներ նոյնիսկ երբ Պոսլոյ մէջ ան շփացուած է ամիրայութեան տիտղոսներով և պետական բարձր պաշտօններով։ Օսմանեան Կայսրութիւնը պէտք չէ շփոթել Բրիտանական Կայսրութեան հետ, ուր ևս գոյութիւն ունէր անարդարութիւն և շահագործում և սակայն արժէքային համակարգի խորունկ վիհով մը կը բաժնուէին այդ երկուքը իրարմէ։ Օսմանեան Կայսրութիւնը ոչինչ բերած է մարդկային քաղաքակրթութեան։ Ան միայն կողոպտած է կամ փոշիացուցած է այն քաղաքակրթական մեծ ժառանգութիւնը, որուն հո՛ղը յափշտակած է ան։ Ժառանգութիւ՛ն՝ որուն իրաւատէրերէն մէկը հայ ժողովուրդն է։

Այս ըսելէ ետք, կը հասկնամ, թէ յամենայն դէպս պատմաբանները ունին բնորոշումի խնդիր մը։ Ինչպէ՞ս բնորոշել հայը այս պետականութեան մէջ։ Իմ կարծիքով, «օսմանահայ»ը ճիշտ բնորոշումը չէ։ Ան հայը կը հաւասարեցնէ Կայսրութեան թուրք տարրին ապակողմնորոշելով արդի միտքը։ Մենք թուրքերուն հաւասար չէինք և չենք այսօր ևս Թուրքիոյ մէջ (որ իր պետական մտածողութեամբ շարունակութիւնն է օսմանեան իրականութեան)։ Հայը կարելի է ներկայացնել որպէս «օսմանահպատակ» և սակայն մեծ բացառութեան մը յաւելումով։ Այսինքն՝ յստակօրէն ընդգծելո՛վ ՝ որ ան ենթակայ էր խտրականութեան, իրաւազրկումի և ի վերջոյ ցեղասպանութեան։ Առանց այս յստակ բացառութեան՝ դժուար է զայն նոյնիսկ օսմանահպատակ անուանել։ Իսկ օսմանահայ՝ երբե՛ք։

Գոյութիւն ունի նաև այս եզրաբանական հարցին ոչ-հայերէն երեսը։ Հայ պատմաբանները կը գործեն միջազգային ակադեմական հարթակներուն վրայ։ Անոնք բնականաբար կը հաղորդակցին մտաւորական այդ մեծ աշխարհի լեզուամտածողութեամբ, որուն եզրաբանութիւնը հաստատողը անպայման իրենք չեն։ Ottoman Armenian բառակապակցութիւնը իր ենթաբնագրային պատգամը ունի։ Ան կը յայտնէ, թէ զայն գործածողը դուրսէն դիտողն է, որ ճշգրիտ պատկերացում չունի, թէ իսկապէս ի՞նչ էր հայը Օսմանեան Կայսրութեան մէջ և թէ ինչպիսի՞ բարդ փոխյարաբերութիւններ յանկարծ անտեսանելի կը դառնան և կը կորսուին ստեղծուած այդ պիտակին տակ։ Հայ պատմաբանին դժուարին մարտահրաւէրն է բառապաշարի այս «կայսերական» պատը փուլ բերել և Օսմանեան Թուրքիոյ պատմութեան խնդիրները պարզաբանելու մարզին մէջ նոր չափանիշներ հաստատել միջազգային ակադեմական կեանքի ոլորտին համար։ Ես վստահ եմ, որ այս հարցը շարունակական մղձաւանջ է (կամ պէտք է ըլլայ) Արևմուտքի հայ գիտաշխատողներու մասնագիտական առօրեային մէջ։

Վարագ Գեթսեմանեան դիտել կու տայ, որ պատմաբանը այնուամենայնիւ իրաւունք չունի արևմտահայը անջատելու իր միջավայրէն։ Օսմանեան շրջանի հայոց պատմութիւնը պարապութեան մէջ չէ, որ կը ձևաւորուի։ Հայը իրողապէս կը շփուէր իր շրջապատին հետ և կը բաժնէր շրջապատի խնդիրները։ Կարելի չէ իր պատմութիւնն ու գրականութիւնը հասկնալ և վերլուծել առանց իր օսմանական առընչութիւնները ազատօրէն ընդունելու։ Ճիշտ է։ Ոչ միայն ճիշտ է, այլև անուրանալի՛։ Եւ ճիշտ այդ պատճառով իսկ պէտք է մերժել Արևմուտքէն և յատկապէս Թուրքիայէն գիտական պիտակի տակ թելադրուող ապակողմնորոշիչ եզրերը։ Հակառակ իր հաւաքականօրէն իրաւազուրկ կարգավիճակին, հայը անտարակոյս պիտի ջանար իր կեանքը պահել օսմանեան պետութեան մէջ և պիտի բաժնէր օսմանեան հասարակութեան կենսատարածութիւնը։ Այդ կենսափորձի բովին մէջ, ան պիտի հաստատէր կապեր իր թուրք և քիւրտ ժամանակակիցներուն հետ։ Յաճախ սե՛րտ։ Եւ սակայն պիտի նաև ընդունինք, որ իրաւական, քաղաքական, մշակութաբանական և մանաւանդ հոգեբանական շատ բարդ փոխյարաբերութեան մը վրայ կը հանգչի հարիւրաւոր տարիներու տևականութեամբ ձևաւորուած այն կացութաձևը, որ հայունն է եղած Օսմանեան Կայսրութեան մէջ։

Ներկայ ժամանակներու գիտութեան — և յատկապէս հայ գիտաշխատողի՛ն – մեծ մարտահրաւէրն է հասկնալ այդ կացութաձևը իր ողջ բարդութեանը մէջ։ «Օսմանահայ» շինծու եզրը արդարութիւն չ՚ըներ գիտական այդ ճիգին։ Ան աւելի շուտ կը ծածկէ այդ բարդ և մշտապէս ստրկացնող գոյավիճակը։ Գոյավիճա՛կ՝ որ հաստատուած է պետական կանխամտածումով։ Մենք գործ ունինք «ռայա» (rayah, rayat) իմացութեան հետ, որմով Օսմանեան պետութիւնը բնորոշած է իր ոչ-իսլամ հպատակները։ «Ռայա»ն օրէնքով իրաւազուրկ հպատակն է։ Պետութիւնը կրնայ – իր հաշիւներէն ելլելով – որոշ ռայաներու շնորհել յատուկ իրաւունքներ, բայց ան չի դադրիր ռայա ըլլալէ։ Ռայան արաբական ծագում ունեցող բառ է։ Անոր արմատական իմաստին մէջ կայ «հօտ»ը, «նախիր»ը։ Այսինքն՝ օրինաւորապէս շահագործման ենթակայ կենդանական զանգուա՛ծը։ Շահագործման մնայուն գործընթա՛ց մը ՝ որ ազատ կը կացուցուի յանցագործութեան մեղքէն և օսմանեան օրինակարգին կողմէ կը նուիրագործուի որպէս կենսական անհրաժեշտութիւն։

Գաղտնիք չէ, որ երկար ժամանակ օսմանեան բռնատիրութեան յառաջխաղացքը կարելի դարձնող ռազմական ուժը ենիչերի բանակներն էին, որոնց կազմութիւնը կենսական անհրաժեշտութիւն էր Օսմանեան Կայսրութեան գոյութեան համար։

Առնոլտ Թոյնպի, 20-րդ դարու պատմագիտութեան ականաւոր դէմքը, որ թէև յետագային Անգլիոյ մեծապետական շահերէն դրդուած բարենիշներ շնորհեց Քեմալական Թուրքիոյ, այնուամենայնիւ կը գրէ հետևեալը.

“The Ottoman method of conscription was to take a tribute of children from the conquered Christians so many children from each family every so many years bring them up in barracks as fanatical Moslems and train them as professional recruits.

These ‘Janissaries,’ militarized from their youth up and divorced from every human relation except loyalty to their war-lord, were the most formidable soldiers in Europe, and each new Christian land they conquered was a new field of recruitment for their corps.

The Ottoman Empire literally drained its victims’ blood, and its history as a Vampire-State is unparalleled in the history of the world.”

(From Arnold J. Toynbee, “The Murderous Tyranny of the Turks”, Pages 11-12, Hodder & Stoughton, London, 1917.)

Թոյնպի շատ աւելի ծանր որակումներ կու տայ օսմանեան պետականութեան և անոր թուրք տարրին այս գրքին մէջ ճշտելով տեղը Կայսրութեան հայ հպատակներուն։ Պարզ է, որ մակաբոյծի և զոհի այս յարաբերութիւնը պէտք ունի շատ աւելի ճշգրիտ բնորոշումի մը, քան այն, որ կը ծնի «օսմանահայ» եզրոյթէն։

Այս քննարկումը կարելի է ընդլայնել (և մասնագիտական հողի վրայ պէտք է անպայմա՛ն զայն ընդլայնել) և սակայն այդ մէկը այլ ժամանակի խնդիր է։ Եզրափակելէ առաջ, մենք դեռ պէտք է խօսինք այս հարցին քաղաքական էութեան մասին։

Մենք չենք ապրիր պատմագիտութեան մէջ։ Մենք կ՚ապրինք քաղաքականութեան մէջ։ «Օսմանեան»ը միայն պատմա-աշխարհագրական իմացութիւն չէ. ոչ ալ՝ սոսկ պետական մակդի՛ր։ Հնուց իւրացուած ցեղասպանական իր օրինակարգը և երեք փուլերով գործադրուած հայաջնջումի իր քաղաքականութիւնը ի վերջոյ Օսմանեան Կայսրութիւնը ամրագրած են որպէս մշակութասպան գործօն։ Այսինքն՝ մարդկութեան դէմ ոճրի հեղինակ պետականութիւն, ինչպէս Նացիական Գերմանիան էր։ Ան ոչ միայն ինքն էր ցեղասպան, այլև իր պետական բնազդներով եղաւ ցեղասպանական քաղաքականութիւն ներշնչողն ու թելադրողը իր ժառանգորդ և իրաւայաջորդ Քեմալական Թուրքիոյ, որ իր կարգին հեղինակ դարձաւ հայաջնջումի չորրորդ փուլին։ Այսօր Թուրք Պետութիւնը իր պետական և ակադեմական օրգաններով ամէն ճիգ կ՚ընէ հարազատագրելու (legitimize) օսմանեան պատմութիւնը որպէսզի կարողանայ արդարացնել Հայոց Ցեղասպանութեան հարցով իր ժխտողական քաղաքականութիւնը և փրկել ինքնիր կաշին։ Եւ որպէսզի կարենա՛յ հաշուի նստիլ թուրքերու նոր սերունդի լուսամիտ մէկ շերտին հետ, որ կենսական կարիքը ունի դիմագրաւելու իր ինքնութեան դաժան խնդիրը։

Թուրքիան հարկադրուած կ՚ըզգայ օսմանեան իր անցեալը հարազատագրելու, քանի որ Օսմանեան Թուրքիան իրաւամբ վարկաբեկուած է Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի փլուզումներու բովին մէջ։ Թուրքիան պէտք ունի այդ քաղաքական դիակին նոր կենդանութիւն ներարկելու, որպէսզի նաև կարողանայ արդարացնել իր ներկայի ծաւալապաշտ քաղաքականութիւնը։ Իսկ Թուրքիոյ դաշնակից մեծապետական ուժերը – ա՛յլ հաշիւներէ դրդուած – ցարդ կը լրացնեն Թուրքիոյ գործը այս մարզին մէջ։ Արևմտահայութիւնը որպէս «Օսմանահայութիւն» (Ottoman Armenians) պիտակաւորելով ՝ Թուրքիան կը փորձէ իմացաբանական հարազատ հող ստեղծել նախկին Վարչապետ Տաւութողլուի յայտնի պնդումին համար Հայոց Սփիւռքը որպէս Թուրքիոյ Սփիւռք ներկայացնելու…և մեր հողային պահանջները ի սկզբանէ հիմնազրկելու և վարկաբեկելու։

Այս բոլորէն ետք, պէտք է անպայման ընդունիլ, որ այս հարցը նաև լեզուական է իր բնոյթով և լեզուն կ՚ապրի իր նրբերանգներով։ Ոչ ոք կրնայ տիրապետութիւն հաստատել «լեզու» երևոյթին վրայ և բառապաշար պարտադրել։ Ամէն բառ իր տեղը ունի մեր կեանքին մէջ և կ՚ենթադրեմ, թէ «օսմանահայ» իմացութիւնն ալ – թէկուզ իր ժխտական իմաստաշերտերով – մաս կը կազմէ մեր բառարանին։ Իմ առարկութիւնս «Արևմտահայութիւն» եզրը «Օսմանահայութիւն» եզրով փոխարինելու դիտաւորեալ միտումին կը վերաբերի։

Երբ կ՚ըսենք «Արևմտահայութիւն», կը հասկնանք պատմականօրէն հաստատուած և մեր ժողովուրդին համար հարազատ դարձած մէկ իմացութիւն։ Իմ կարծիքով, հարցը «ապապատմականացնելու» (dehistoricize) խնդիր չկայ այստեղ, այլ կայ պատմական իրականութիւնը իր նրբութեան մէջ յարգելու մեծ պարտաւորութիւն մը։ Բացի որոշ պարագայական ելոյթներէ (Խրիմեան Հայրիկի քանի մը գրութիւններուն կամ 1908-ի լրագրութեան մէջ երևցող), մեր ժողովուրդն ու քաղաքական միտքը հետևողականօրէն նուիրագործած են «արևմտահայ» բնութագրումը, որ իր մէջ կը պարունակէ օսմանեան լուծը — և բոլոր միւս լուծե՛րը — մերժելու և մեր ինքնութեան հաւատարիմ մնալու մեր յամառ որոշումը։ Պատմագիտութիւնը պէտք է յարգէ այդ որոշումը։ Օրինաչափը յարգելն է։

Համաշխարհային պատմագիտութեան բեմը այս յստակութեամբ օժտելու պարտականութիւնը, առաջին հերթին, կը պատկանի հայ պատմաբաններու նոր սերունդին։ Ես կ՚ակնկալեմ, որ անոնք համարձակօրէն ստանձնեն այս պարտականութիւնը և բանա՛ն պայքարի այդ ճակատը, եթէ հարկ է։ Կարևոր է, որ տէ՛ր կանգնինք բառապաշարին, քանի որ բառը ուժ է և ան մէկ այլ կենսական ռազմագիծն է մեր ընդհանրական պայքարին։ Այլապէս պիտի ստիպուինք մեր վրայ կրել մեր ինքնութեան անյարիր և հակասող անհարազատ անուանակոչութիւններ և յանկարծ «օսմանահայ» անհեթեթ պիտակով պիտի բնութագրենք միլիոնաւոր այն հայերը, որոնք զոհ գացին Օսմանեան Թուրքիոյ ցեղասպանական եղեռնագործութեան։

Կարօ Արմենեան
Մարտ 16, 2017
Ուաշինկթըն

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.